
Երէկ` չորեքշաբթի, 10 փետրուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Լիբանան վերադարձաւ Նատուա Քամաթիէի փինկ փոնկի պատուիրակութիւնը, որ Պէյրութի օդակայանին մէջ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Նատուա Քամաթիէի աղջկանց փինկ փոնկի խումբը, որ Էմիրութիւններուն մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական ակումբներու աղջկանց 3-րդ խաղերուն, տիրացաւ 2 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալի:
Խմբային մրցումներուն Նատուա Քամաթիէ տիրացաւ ոսկի մետալին, անհատականի մրցումին ոսկի մետալի տիրացաւ Մարիանա Սահակեան, մինչ աղջկանց զոյգի մրցումներուն Սահակեան Դուին Մումջողլեանի հետ տիրացաւ արծաթ մետալին:
Նշենք, որ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամներ, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն ընտանեկան պարագաները դիմաւորեցին Պէյրութ վերադարձած մարզիկները:


