Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան շարք մը ճակատումներ, որոնք պիտի ըլլան այդ երկիրներուն ախոյեանութեան բացման մրցումները:
Սպանիոյ մէջ, 24-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ ոչ այդքան զօրաւոր ճակատում մը, երբ 16-րդ դիրքը գրաւող Սփորթինկ Խիխոն, ժամը 21:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), պիտի հիւրընկալէ Ռայօ Վայեքանոն (15-րդ):
Գերմանիոյ մէջ, 21-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Մայնց-05 (7-րդ) պիտի հիւրընկալէ Շալքէն (4-րդ), դարձեալ ժամը 21:30-ին:
Ֆրանսայի մէջ, Ռենն (9-րդ) իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Անժէն (5-րդ), նոյն ժամուն:
Իսկ Իտալիոյ մէջ, ժամը 21:45-ին, 25-րդ հանգրուանի բացման գծով Ա. Էս. Ռոմա (5-րդ) հիւրը պիտի ըլլայ Քարփիի (18-րդ):