
Իր լուրը քաղելով Aamuposti կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Ֆինլանտայի մէջ դժբախտ պատահար մը տեղի ունեցած է պատանեկան ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին:
Արդարեւ, Հիամենլինայի բերդապահը, զարնուելով մրցակից կազմին մէկ յառաջապահին, գլխու վնասուածք մը ստացած է:
Թէեւ մարզիկը ուղղակիօրէն փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն անոր կեանքը չեն յաջողած փրկել:
Կը նշուի, որ մահացած բերդապահին ակումբը հրաժարած է որեւէ տեղեկութիւն փոխանցել բերդապահին անունին կամ այլ մանրամասնութիւններու վերաբերեալ:


