Ճատրակ. Արոնեան Պարտուեցաւ 19-րդ Շարժումին
Մասնակցութեամբ վեց կրանտմասթըրներու, նախորդ շաբաթավերջին Ցիւրիխի մէջ սկսաւ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը: Հայաստանի ներկայացուցիչ Լեւոն Արոնեան, որ այդ մրցումին մասնակցած վեց անուանի շախմատի վարպետներուն կարգին էր, իր կատարած առաջին մրցումին սեւ քարերով մրցեցաւ հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի դէմ: Արոնեան 19-րդ շարժումին յանձնուեցաւ` ընդունելով իր պարտութիւնը:






