Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, անոր փակ մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քոնկ ֆու-Քինտա բաժակի մրցաշարքը, 6-11 տարեկան երկսեռ դասակարգերուն մէջ` հսկողութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ:
Բաժակի այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 80 երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները.
Պել-Հորիզոն, Նըմուր, Սանթրալ, Պուտտա, Անթունիէ, Շաոլին, Պատի Փաուըր, ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ժամհուր:
Թէեւ խմբային դասաւորման մէջ յաջորդաբար առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին Պուտտա (65 կէտ), Սանթրալ (51 կէտ) եւ Պել – Հորիզոն (48 կէտ), սակայն ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկները արձանագրեցին բացառիկ արդիւնքներ եւ տիրացան երեք առաջնութեան եւ մէկ երրորդութեան:
6-7 տարեկան դասակարգին մէջ Լորի Միսաքեան հանդիսացաւ առաջին` 8-9 տարեկան դասակարգին մէջ (25 քկ):
Իր կարգին, առաջին հանդիսացաւ Սարհատ Քուչիքեան, իսկ ՀՄԸՄ Անթիլիասի երրորդ առաջնութիւնը ապահովողը հանդիսացաւ Նարեկ Կիւրիւնեան (10-11 տարեկան, 50 քկ):
Վերջապէս, 8-9 տարեկան դասակարգին մէջ երրորդ հանդիսացաւ Նարեկ Մինասեան (30 քկ):
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիչն էր Սթիւ Ապաճեան, մինչ իրաւարարներուն կարգին էր Րաֆֆի Սարգիսեան: