
«Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի յետսապահ Տենի Ալվես չինական ակումբէ մը ստացած է տարեկան 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, թէեւ այդ ակումբին անունը չի նշուիր, սակայն կ՛ըսուի, որ պրազիլցի ֆութպոլիստին առաջարկուած է երեք տարուան պայմանագիր մը` տարեկան 12 միլիոն եւրոյի փոխարէն:
Սակայն այս ուղղութեամբ ո՛չ Ալվես եւ ո՛չ ալ Պարսելոնա յայտարարութիւն կը կատարեն` նկատի ունենալով, որ չինական այդ ակումբին առաջարկը պաշտօնական չէ:
Նշենք, որ Ալվես Պարսելոնայի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 2017:


