Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 9 փետրուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Թատամոնի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք):
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ ցարդ իր կատարած երեք մրցումներն ալ աւարտած է յաղթանակով, այսօր ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայէ արձանագրելու իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները:
Նշենք, որ այսօր, երեկոյեան ժամը 19:15-ին, տեղի կ՛ունենայ այլ մրցում մըն ալ, երբ Հուփս իր դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան) կը հիւրընկալէ Անդրանիկ Պէյրութը: