
Նիժնի Նովկորոտի Վոլքան, որ Սոչիի մէջ հաւաք մը կը կատարէր, իր կատարած ֆութպոլի բարեկամական վերջին մրցումին 4-1 արդիւնքով յաղթեց Ամքարի երիտասարդական ֆութպոլի խումբին:
Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով, որ մասնակցեցաւ այս մրցումին, նշանակեց իր կազմին կոլերէն մէկը, կոլի հեղինակ դառնալէ բացի, ան ի նպաստ իր կազմին շահեցաւ փենալթի մըն ալ, զոր կոլի վերածեց Փեթրով:


