Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ (Թրիփոլի) տեղի ունեցաւ Մութթահետ – Հուփս մրցումը:
Հուփս, որ այս մրցումը սկսաւ արձանագրելով յաջորդական վեց յաղթանակ, իր ամէն կարելին ըրաւ այլ յաղթանակ մը արձանագրելու, որպէսզի երթի մրցումները աւարտէ 2-րդ դիրքին վրայ:
Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ մրցումին վերջին երկվայրկեանին, Հուփս կողով մը նշանակելով տարաւ վերջնական յաղթանակը` 77-75 արդիւնքով (17-15, 39-32, 62-57 եւ 75-77) եւ երթի մրցումները աւարտեց 2-րդ դիրքին վրայ` արձանագրելով վեց յաղթանակ եւ կրելով երկու պարտութիւն:
Ինչ կը վերաբերի Մութթահետին, անիկա արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրեց 4 պարտութիւն:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց հիւրընկալ խումբին մարզիկներէն Ռեշաուն Թերի (28), մինչ Հուփսէն Ուիլիըմ Պըրտ նշանակեց 26 կէտ: Անոր խմբակից Անթուան Պարպուր նշանակեց 18 կէտ եւ 14 ռիպաունտ:
Նշենք, որ այս հանգրուանը եւ երթի մրցումները կ՛աւարտին ուրբաթ, 12 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, երբ Ժիպէյլի մէջ Պիպլոս կը հիւրընկալէ Ռիատին: