Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, այս ամրան Պրազիլի մէջ տեղի պիտի ունենան «Ռիօ-2016»-ի ողիմպիականի խաղերը:
Սակայն այնպէս կը թուի, որ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին պոյքոթի ենթարկել այս խաղերը` նկատի ունենալով, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ մեծապէս կը տարածուի «Զիքա» հիւանդութիւնը:
Նախապէս իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնած էր, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որպէսզի այդ հիւանդութիւնը չխանգարէ ողիմպիականը: