
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Արարատ ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Արտեոմ Խաչատուրով, որ նախորդ շաբաթավերջին պայմանագիր մը ստորագրած էր խումբին հետ, այդ պայմանագիրը խզած է իր նախաձեռնութեամբ:
Միեւնոյն ժամանակ, Արարատ վերադարձաւ յետսապահ Սիւլէյման Քոնէ (Փղոսկրեայ Ափունք), որ վերջին շրջանին կը մարզուէր Վիթորիա Կիմարաէշի հետ (Փորթուգալ):


