Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած աղջկանց նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Անի Ամիրաղեան, նախորդ դասաւորման հետ բաղդատած, 73 դիրքի վերելք մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 646-րդ դիրքը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Նշենք, որ 22 տարեկան Ամիրաղեան նախորդ շաբաթ Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած թենիսի միջազգային մրցաշարքին յաջողեցաւ հասնիլ մինչեւ քառորդ աւարտական:
Իսկ Ռուսիան ներկայացնող Մարկարիթա Գասպարեան մէկ դիրքի նահանջ արձանագրելով այժմ կը գրաւէ աշխարհի դասաւորման 43-րդ դիրքը:


