Մարզական

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ – ԼԵՎԱՄ . Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Արդիւնքներ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի մրցումները շարունակուեցան շաբաթ, 20 փետրուարին, Պուրճ Համուտի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, եւ արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.- 2002/2003 Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան - Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ 4 - 1 2002/2003 Ս. Ագնէս վարժարան - Շամլեան - Թաթիկեան վարժարան 1 - 2 2002/2003 Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան - Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան  5...

Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Ժետտա

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 24-29 փետրուարին տեղի ունենալիք մարզական միջազգային օրուան, Լիբանանի 16 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Ժետտա (Սէուտական Արաբիա): Այս մարզական միջազգային օրուան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Արեւմտեան Ասիայէն 9 ազգային խումբեր: Նշենք, որ Լիբանանի խումբին մաս կը կազմեն 18 մարզիկներ:    

Սամպօ. Հայաստանի Ներկայացուցիչը` Պրոնզէ Մետալակիր

Մինսքի մէջ աւարտեցաւ երկրի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի մրցանակներու խաղարկութեան 20-րդ միջազգային` Պիելոռուսիոյ բաց ախոյեանութիւնը, որ այս տարուան առաջին մրցանակային մրցաշարքն էր սամպոյի մարզիկներուն համար, հաղորդեց Armsport.am: Մրցումներուն երկրորդ օրը, Հայաստանը ներկայացնող Էռնեսթ Հայրապետեան մարտական սամպոյի 62 քմ դասակարգին մէջ արժանացաւ պրոնզէ մետալին: Նշենք, որ ստեփանակերտցի մարզիկը 2015-ի աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր է եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան փոխախոյեան:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Շանվիլ- Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Շանվիլ- Մութթահետ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի  մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Շանվիլ-Մութթահետ ճակատումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շանվիլի դաշտին` Տիք Մըհտիի մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Կարգ մը խումբերու նման, Շանվիլ եւս իր օտարականները փոփոխութեան ենթարկեց եւ այժմ, բաղդատմամբ երթին իր ունեցած կազմին, կրցած է բաւական լաւ խումբ մը ունենալ: Նշենք, որ այս...

«Էն. Պի. Էյ.».  Հիւրընկալ Երեք Խումբերն Ալ` Յաղթական

«Էն.Պի.Էյ.». Լէյքըրզ Պարտուեցաւ, Քլիփըրզ Յաղթեց

«Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան եօթը ճակատումներ, որոնց ընթացքին նաեւ մրցումներ կատարեցին Լոս Անճելըս քաղաքի երկու խումբերը` Լէյքըրզ եւ Քլիփըրզ: Լէյքըրզ, որ հիւրն էր Միլուոքի Պաքսին, 108-101 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Սակայն Քլիփըրզ, որ հիւրընկալեց Ֆէոնիքս Սանզը, 124-84 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց: Նշենք, որ 11 յաղթանակ արձանագրած Լէյքըրզ կրեց իր 47-րդ պարտութիւնը: Մայեմի Հիթ իր յաղթանակը...

Էդգար Բաբայեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Դանիոյ փոխարինողներու ախոյեանութեան (Այսինքն` 5-րդ դասակարգ) առաջին հանգրուան մրցումներուն, Ռանտերսի երկրորդ խումբը իր դաշտէն դուրս 2 - 1 արդիւնքով յաղթեց Մթիւլանտի երկրորդ խումբին: Ռանտերսի կազմէն տուպլէ մը իրագործեց միջնապահ Էդգար Բաբայեան, որ նաեւ գլխաւոր խումբին հետ ելոյթ ունենալու փորձառութիւն ունի, կը յայտնէ Armsport.am:

Սպանիոյ Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումը` «Վիչենթէ Քալտերոն»-ի Մէջ

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Աթլեթիքօ Մատրիտի դաշտը նկատուող «Վիչենթէ Քալտերոն»-ի մէջ, որ կրնայ հիւրընկալել շուրջ 55 հազար հանդիսատես: Աւարտական այս մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 22 մայիսին, իրարու դէմ պիտի մրցին Սեւիլլա եւ Պարսելոնա:

Ճատրակ.  70 Երկսեռ Խաղացողներ Մասնակցեցան ՀՄԸՄ Պէյրութի Կազմակերպած Մրցաշարքին

Ճատրակ. 70 Երկսեռ Խաղացողներ Մասնակցեցան ՀՄԸՄ Պէյրութի Կազմակերպած Մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի ճատրակի յանձնախումբին, կիրակի, 21 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 70 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու, հետեւեալ ձեւով. 8 տարեկանէն վար` 17 մասնակցող, 10 տարեկանէն վար` 25, 12 տարեկանէն վար` 11 եւ 14-16 տարեկանէն վար` 17: Նշենք, որ վերջին դասակարգին մէջ մասնակցողները մրցեցան իրարու դէմ, որմէ ետք իւրաքանչիւր դասակարգի...

Ըմբշամարտ. Արայիկ Բաղդադեան Հրապարակեց Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

Հայաստանի ըմբշամարտի ազատ ոճի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Բաղդադեան Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ներկայացուց Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցող Հայաստանի հաւաքականին կազմը: Ռիկայի մէջ (Լաթվիա) տեղի ունենալիք այդ ախոյեանութեան (8-13 մարտ) Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Գարիկ Բարսեղեան (57 քկ), Վոլոդիա Ֆրանգուլեան (61 քկ), Դաւիթ Սաֆարեան (70 քկ), Գրիգոր Գրիգորեան (74 քկ), Շամիր Աթեան (86 քկ), Անդրանիկ Գալստեան...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Բաւական Զօրաւոր 2 Ճակատումներ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Բաւական Զօրաւոր 2 Ճակատումներ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան բաւական զօրաւոր եւ հետաքրքրական ճակատումներ: Պարսելոնա, որ իր կատարած 32 մրցումներուն ընթացքին պարտութիւն չէ կրած, հիւրը պիտի ըլլայ Արսենալի: Այս մրցումին նման հետաքրքրական կը խոստանայ ըլլալ նաեւ Եուվենթուս - Պայէրն Միւնիխ ճակատումը: Անոնք երկուքը նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած են 8 անգամ: Եուվենթուս յաջողած է արձանագրել միայն...

Ծանրաբարձութիւն. Յստակացաւ Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մասնակցող Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականին Կազմը

8-16 ապրիլին Նորվեկիոյ Ֆորտ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 2016-ի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը: Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այս տարի Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով անոր պիտի մասնակցի ամբողջական կազմով: Նորվեկիոյ մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Աննա Գովելեան (53 քկ), Իզապելա Եայլեան (58 քկ), Քրիստինէ Պետրոսեան (63 քկ), Նազիկ Աւդալեան (69 քկ), Սոնա Պօղոսեան (75...

«Քոփա Ամերիքա». Միացեալ Նահանգներ Եւ Քոլոմպիա Մաս Կազմեցին Նոյն Խմբակին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 3-26 յունիսին, Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հիւրընկալ երկիրը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, բացման մրցումին իր դէմ պիտի ունենայ Քոլոմպիան, Սանթա Քլարայի մէջ, Քալիֆորնիա: Իսկ փակման մրցումը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Ճըրզիի մէջ: Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը. Ա. ԽՄԲԱԿ.- Միացեալ Նահանգներ, Քոլոմպիա, Քոսթա Ռիքա եւ Փարակուէյ: Բ. ԽՄԲԱԿ.- Պրազիլ,...

Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Տեղի Ունեցան Ա. Հանգրուանի Մրցումները

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին «Փիթ Սթափ» վազքուղիին վրայ (Զուք) տեղի ունեցան Լիբանանի քարթինկի 2016-ի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները: Անոր ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ: Ստորեւ` թեքնիք արդիւնքները. 8-9 ՏԱՐԵԿԱՆ. 10 ԼԵՓ. 1.- Էնտի Զաքքա, 2.- Էտուին Խընայսեր եւ 3.- Էլիօ Եամմին: 10-12 ՏԱՐԵԿԱՆ (12 ԼԵՓ). 1.- Սեմի-Ճօ Ապի Նախլէ, 2.- Ճէյ Նաամի եւ 3.- Խալիլ Խալիլ: 12-15...

Գեղասահք. Կարապետեան – Սենեկալ Զոյգը` Միջազգային Մրցաշարքի Արծաթէ Մետալակիր

Գեղասահորդներ Թինա Կարապետեան - Սիմոն Սենեկալ պարի զոյգը, «Պաւարիըն Օփըն» միջազգային մրցաշարքին գրաւեց 2-րդ դիրքը, կը յայտնէ ArmSport.am: Հայաստանը ներկայացնող այս զոյգը հաւաքեց ընդամէնը 140.16 կէտ: Առաջին դիրքը գրաւեց Գերմանիան ներկայացնող զոյգը, որ ապահովեց 165.68 կէտ: Գրաւելով 2-րդ դիրքը, Կարապետեան - Սենեկալ զոյգը իրաւունք ստացաւ մասնակցելու Պոսթընի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան:

Գեւգէոզեան Նշանակեց Իր Առաջին Կոլը

Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Աթլեթիքօ Պուքարամանկա իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ալիանսա Փեթրոլերայի հետ: Աթլեթիքոյի նորեկ մարզիկ Մաուրօ Գեւգէոզեան, որ վերջերս միացած էր խումբին, իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ եւ մրցումին 59-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին կոլը: Ան 81-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Աթլեթիքօ 5 կէտով կը գրաւէ...

Իպրահիմովիչ Իր Պայմանագրութիւնը Պիտի Չերկարաձգէ

Փարիզ Սեն Ժերմենի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ իր պայմանագրութիւնը պիտի չերկարաձգէ իր ակումբին հետ, յայտնեց «Թելեֆութ»: Անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանի աւարտը: Ըստ ֆրանսական մամուլին, ան իր ելոյթները պիտի շարունակէ կա՛մ «Փրեմիեր լիկ»-ի, կա՛մ ալ «Մէյճըր լիկ»-ի ախոյեանութեան մէջ: Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք ան իր կազմին հետ նշանակած է 23 կոլ:  

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շեպիպեթ Մազրաա – ՀՄԸՄ` 3-1

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ եւ դարձի 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, շաբաթ, 20 փետրուարին, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը հիւրը եղաւ Շեպիպեթ Մազրաայի: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ իր կատարած նախորդ երկու մրցումներուն պարտութիւն կրած էր, այս անգամ ալ 3-1 արդիւնքով տեղի տուաւ իր մրցակիցին դիմաց, այսպիսով կրելով դարձի իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը: ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթեց Պիպլոսի Եւ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Պիպլոսի Եւ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 20 փետրուարին, Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) Պիպլոս հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: ՀՄԸՄ 103-97 արդիւնքով (24-23, 52-45, 80-71 եւ 97-103) կարեւոր եւ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով` ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 26 կէտ: Երկրորդ դիրքը գրաւող Ռիատի, որ նուազ մրցում կատարած է, ունի...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Խումբին

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-սիքս»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ    Պուրճ Համուտի կազմը արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, երբ 7-4 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-2, ի նպաստ` ՀՄԸՄ-ի) յաղթեց ներքին ապահովութեան ուժերու խումբին: Ներսէս Քիւլխանճեան հեթրիք մը իրագործեց, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Աւօ Տոնտուրեան, Շանթ Պալեան եւ Սեւակ Օհանեան: Ստորեւ` դասաւորումը.   ԿԷՏ 1.- Հըրրիէ 9 (21-4) 2.- Հալուսիէ 9 (22-10) 3.-...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ժապալ Մաժտալպաանա` 1-1

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Նըժմէի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ժապալ Մաժտալպաանա խումբին դէմ, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: Թէեւ մրցակից կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով կը յառաջանար, սակայն ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ հաւասարեցուց արդիւնքը` շնորհիւ Սեպասթիան Քոնսթանթինի նշանակած կոլին (փենալթիով): 7-րդ եւ վերջին հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի...

Page 1130 of 1276 1 … 1,129 1,130 1,131 … 1,276

Արխիւներ