Մարզական

Փինկ Փոնկ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Մալեզիա

Երէկ կէսօրին Լիբանանի փինկ փոնկի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մալեզիոյ մայրաքաղաք` Քուալա Լամփուր, իր մասնակցութիւնը բերելու 28 փետրուարէն 7 մարտին տեղի ունենալիք ազգային խումբերու աշխարհի ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախագահ Սելիմ Հաժ Նքուալա: Իսկ մարզիկներն են Ռաշիտ Պըպպօ (Լիբանանի ախոյեան), Աւօ Մումջողլեան, Մոհամետ Համիէ, Մարիանա Սահակեան (Լիբանանի ախոյեան), Նոէլ Քէշիշեան եւ Լեթիսիա Ազար:  

«Եուրոփա Լիկ». Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Եունայթտ Անգլիական Ճակատում

Երէկ` ուրբաթ, 26 փետրուարին Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Անգլիական երկու անուանի կազմեր` Լիվըրփուլ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ դէմ յանդիման եկան: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Պորուսիա Տորթմունտ, իր դէմ պիտի ունենայ Թոթենհամը: Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 10 մարտին, իսկ դարձի մրցումները` 17 մարտին: Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը. Շախտիոր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ 81-80 Արդիւնքով Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Լուէյզիի Դէմ… Երկարաձգումէն Ետք

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ Սանթրալի դաշտին վրայ Լուէյզի հիւրընկալեց Ռիատին: Ռիատի իր յաղթանակը արձանագրեց դժուարութեամբ, երբ երկարաձգումէն ետք միայն 81-80 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը (23-14, 35-36, 52-54, 73-73 եւ 80-81): Ռիատիէն Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 33 կէտ, մինչ անոր խմբակիցները` Աարոն Հարփըր եւ Իսմայիլ Ահմետ` 15-ական կէտ: Լուէյզիէն 23-ական...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումներուն շաբաթավերջի յայտագիրը տեղի պիտի ունենայ 27 եւ 28 փետրուար 2016-ին, Պուրճ Համուտի «Հայր Պօղոս Արիս» եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտերուն վրայ յաջորդաբար: Ստորեւ կը ներկայացնենք շաբաթավերջին մրցումներուն յայտագիրը. ՈՒՐԲԱԹ, 26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016` ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼ   ԺԱՄ 1998-1999 Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ - Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան...

Այսօր Տեղի Կ՛ունենան ՖԻՖԱ-ի Նախագահական Ընտրութիւնները

Ճիաննի Ինֆանթինօ                                 Շէյխ Սալման Պըն Իպրահիմ Խալիֆա Այսօր` ուրբաթ, 26 փետրուարին, Ցիւրիխի մէջ գտնուող ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի կ՛ունենան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները: Այս քուէարկութեան պիտի մասնակցին 209 երկիրներու ներկայացուցիչները: Իւրաքանչիւր երկիր մէկ ձայնի իրաւունք ունի: Քուէարկութեան առաջին հանգրուանը յաղթահարելու համար, թեկնածուն պէտք է ստանայ...

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումներ Պիտի Կատարէ Թիֆլիսի Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 25 փետրուարին Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ մարզական հաւաքի մը: 29 փետրուարին խումբը կը մեկնի Թիֆլիս, ուր կը կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում Վրաստանի իր հասակակիցներուն դէմ` 1 եւ 3 մարտին: Ստորեւ` Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արամ Ոսկանեանին կողմէ մարզական այս հաւաքին հրաւիրուած ֆութպոլիստները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Վարդան Վարդանեան, Սեւակ Ասլանեան (Փիւնիկ),...

10 Ապրիլին.  «Պանքմետ»-ի Փոքրերու Եւ Երիտասարդներու 2-րդ Մարաթոնը

10 Ապրիլին. «Պանքմետ»-ի Փոքրերու Եւ Երիտասարդներու 2-րդ Մարաթոնը

Յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբը «ՊանքՄետ»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քլեմանսօ) պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 10 ապրիլ 2016-ին Տըպպայէի շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «ՊանքՄետ»-ի փոքրերու եւ երիտասարդներու 2-րդ մարաթոնը: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին մեծ թիւով հրաւիրեալներ: Այս մարաթոնը տեղի պիտի ունենայ 4 տարբեր դասակարգերու մէջ` 7-17 տարեկան, հետեւեալ ձեւով. 2000 մեթր` 7-13 տարեկաններու համար 2000 մեթր` անդամալոյծներու եւ անկարգելաւորներու...

Կռփամարտ. Սթրանջայի Մրցաշարք. Արամ Աւագեան Ապահովեց Քառորդ Աւարտականին Իր Տոմսը

Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող Սթրանջայի կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին, երէկ տեղի ունեցան 1-8-րդ հանգրուանի մրցումները: Քառորդ աւարտականին Հայաստանի ներկայացուցիչներէն իր տոմսը ապահովեց միայն Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր Արամ Աւագեան (56 քկ), որ յաղթեց Մերապ Թուրքացէի (Վրաստան): Քառորդ աւարտականին Աւագեանին մրցակիցը պիտի ըլլայ Տմիթրի Ասանաու (Պիելոռուսիա): ArmSport.am լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ մրցասպարէզ դուրս եկան Նարեկ Աբգարեան (52 քկ), Սամուէլ...

Բանանցի Մարզիչ – Վերլուծաբանը Պիտի Աշխատի Նաեւ Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականին Մէջ

Բանանցի Մարզիչ – Վերլուծաբանը Պիտի Աշխատի Նաեւ Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականին Մէջ

Բանանցի սպանացի մարզիչ-վերլուծաբան Խոսէ Միկել Մարքոս (35 տարեկան) պիտի աշխատի նաեւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականին հետ` իբրեւ վերլուծաբան, այս մասին կը տեղեկացնէ ArmSport.am: Նշենք, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը կը գլխաւորէ Արամ Ոսկանեան, որ նաեւ կ՛աշխատի Բանանցի հետ:

Գեղամ Ղադիմեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Քարփաթիի հայ յառաջապահ Գեղամ Ղադիմեան, իր նոր կազմին հետ նշանակեց իր երրորդ կոլը: 21 փետրուարին Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) իր նշանակած սքանչելի կոլէն ետք, երէկ ան տուպլէ մը իրագործեց ղազախական Օքժեփթեսի դէմ (2-1) տեղի ունեցած մրցումին, կը յայտնէ ArmSport.am:

Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Հաստատ Քայլերով Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի 18 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 29 խումբեր, բաժնուած` 8 խմբակի: Մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքերը գրաւողները կ՛անցնին Բ. հանգրուան: Տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, չորս խումբեր` Պարաղեմ Նապաթիէ (Ա. խմբակ), ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Բ. խմբակ), Ահլի Սայտա...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը, տուաւ համապատասխան որոշումներ, ինչպէս նաեւ հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները: Ուաէլ Պայյատ (Իժթիմահի) երեք մրցումով կախակայուեցաւ իր ոչ մարզավայել կեցուածքին համար: Երկու մրցումով կախակայուեցաւ Տենի Հաժ (Ախա Ահլի Ալէյ). իսկ մէկական մրցումով կախակայուողներուն շարքին եղան Սերժ...

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 1-32-րդ Հանգրուանի Դարձի Մրցումները

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-32-րդ հանգրուանի դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր: Երթին, իրենց կատարած մրցումներուն պարտութիւն կրած խումբերը բնականաբար պիտի փորձեն եւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն յաղթանակ արձանագրելու համար, որպէսզի դուրս չմնան մրցաշարքէն: Երթին բաւական մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Վալենսիա, որ 6-0 արդիւնքով յաղթեց Ռափիտ Վիեննայի: Կարեւոր յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Պորուսիա Տորթմունտ եւ Սեւիլլա: Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն...

Ֆութպոլասէրներուն 70 Առ Հարիւրը Չի Վստահիր ՖԻՖԱ-ին

«Ֆութպոլ Էտտիքթց» կազմակերպութիւնը ամբողջ աշխարհի ֆութպոլասէրներուն միջեւ կազմակերպած է հարցախոյզ մը, որ ցոյց տուած է, թէ մեծամասնութիւնը չի վստահիր ՖԻՖԱ-ին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Տը Կարտիըն»-ը, հարցախոյզին մասնակցողներուն 70 առ հարիւրը յայտարարած է, որ չի վստահիր ՖԻՖԱ-ին, որուն նոր նախագահը պիտի ընտրուի ուրբաթ, 26 փետրուարին: ՖԻՖԱ-ին նկատմամբ ամէնէն մեծ անվստահութիւնը յայտնած են Չիլիի, Արժանթինի, Իրլանտայի, Հարաւային Քորէայի եւ Սպանիոյ մէջ բնակող...

Յովհաննիսեան. «Մանուչարեան Ամէնէն Տաղանդաւոր Հայ Ֆութպոլիստն Է»

Էտկար Մանուչարեան Ֆութպոլի գործակալ Վալերի Յովհաննիսեան, իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեանի` Փիւնիկէն Ուրալ Եքաթերինպուրկ փոխանցման: «Մանուչարեանի փոխանցման համար Փիւնիկի վճարեցի 300 հազար եւրօ: Կը կարծէի եւ կը շարունակեմ կարծել, որ ան ամէնէն տաղանդաւոր հայ ֆութպոլիստն է: Թէեւ Հենրիխ Մխիթարեան եւս սքանչելի ֆութպոլիստ մըն է, սակայն Մանուչարեանի ունեցած թեքնիքը, ֆութպոլին նկատմամբ նրբութիւնը, մարտավարութիւնը,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ – Մութթահետ` 88-93

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Շանվիլ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մութթահետը 93-88 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ (20-21, 36-46, 65-70 եւ 88-93): Շանվիլէն Արթիւր Պենքս նշանակեց 26 կէտ, մինչ անոր խմբակիցներ Նիքոլոզ Ցիթիշվիլի եւ Սանի Սաքաքինի` 22-ական կէտ: Մութթահետէն 25-ական կէտ նշանակեցին Ռամել Քերի եւ Մայք Թէյլըր, մին Ռէյշաուն Թերի` 23...

«Չեմփիընզ Լիկ». Սիթի Յաղթեց Տինամօ Քիեւի

Մանչեսթըր Սիթիի մարզիկները «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Տինամօ Քիեւ իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Մանչեսթըր Սիթիէն, մինչ երկրորդ մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով` ՓՍՎ Այնտհովընի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի միջեւ:

ՀՄԸՄ-ի Աթլեթիզմի Խումբը Մասնակցեցաւ Ժամհուրի Մրցաշարքին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աթլեթիզմի ներկայացուցչական խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպած քրոս քաունթրիի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 21 փետրուար 2016-ին, Ժամհուրի դպրոցին մէջ: Մրցումին մասնակցեցան Սարգիս Աբգար, Ալեքս Կետիկեան, Անդրանիկ Յորդանեան, Քեւըն Հալէպեան, Գրիգոր Խաչատուրեան, Մհեր Ճենանեան, Սէրուժ Նորամանեան, Մայք Սանօ, Անդրանիկ Ղազարեան եւ Կատֆրի Սէօքիւնեան:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Դարձի Մրցումներուն Ամբողջական Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յետմիջօրէին, հրապարակեց տղոց դարձի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը: Ինչպէս ծանօթ է, նախապէս հրապարակուած էր, միայն դարձի առաջին երեք հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Ստորեւ կը ներկայացնենք դարձի մրցումներուն յայտագիրը. ԴԱՐՁԻ 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ  ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ուրբաթ, 26 փետրուար.- Սաժես - Շանվիլ 17:45 Ղազիր Շաբաթ, 27 փետրուար.- ՀՄԸՄ - Լուէյզի 17:00 Աղբալեան Կիրակի, 28 փետրուար.- Մութթահետ - Պիպլոս 17:00...

«Չեմփիընզ Լիկ». Լիոնել Մեսսի Տուպլէ Մը Իրագործեց Լոնտոնի Մէջ

Լիոնել Մեսսի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1 - 16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան 2 ճակատումներ, որոնք եղան բաւական հետաքրքրական: Պարսելոնա, որ հիւրն էր Արսենալի, Լոնտոնի մէջ, 2 - 0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ Լիոնել Մեսսիի նշանակած երկու կոլերուն (71-րդ եւ 84-րդ փենալթիով): Մրցումին ներկայ էր 59 հազար հանդիսատես: Յիշատակելի եղաւ այն, որ ֆութպոլիստի իր...

Page 1129 of 1276 1 … 1,128 1,129 1,130 … 1,276

Արխիւներ