«Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան եօթը ճակատումներ, որոնց ընթացքին նաեւ մրցումներ կատարեցին Լոս Անճելըս քաղաքի երկու խումբերը` Լէյքըրզ եւ Քլիփըրզ:
Լէյքըրզ, որ հիւրն էր Միլուոքի Պաքսին, 108-101 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Սակայն Քլիփըրզ, որ հիւրընկալեց Ֆէոնիքս Սանզը, 124-84 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց:
Նշենք, որ 11 յաղթանակ արձանագրած Լէյքըրզ կրեց իր 47-րդ պարտութիւնը:
Մայեմի Հիթ իր յաղթանակը արձանագրեց երկարաձգումէն ետք, երբ 101-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Ինտիանա Փէյսըրզը:
Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 96-88 |
Մայեմի Հիթ – Ինտիանա Փէյսըրզ | 101-93 |
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Եորք Նիքս | 122-95 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Աթլանթա Հոքս | 102-92 |
Միլուոքի Պաքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 108-101 |
Մինեսոթա Վուլվզ – Պոսթըն Սելթիքս | 124-122 |
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 124-84 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Նիւ Օրլինզ
Տենվըր Նակեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ
Եութա Ճեզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Պրուքլին Նեթց