
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան բաւական զօրաւոր եւ հետաքրքրական ճակատումներ:
Պարսելոնա, որ իր կատարած 32 մրցումներուն ընթացքին պարտութիւն չէ կրած, հիւրը պիտի ըլլայ Արսենալի:
Այս մրցումին նման հետաքրքրական կը խոստանայ ըլլալ նաեւ Եուվենթուս – Պայէրն Միւնիխ ճակատումը:
Անոնք երկուքը նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած են 8 անգամ: Եուվենթուս յաջողած է արձանագրել միայն երկու յաղթանակ. վերջինը` 2005-ին:
Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (բոլոր մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ
Արսենալ – Պարսելոնա
Եուվենթուս – Պայէրն Միւնիխ
ՎԱՂԸ
Տինամօ Քիեւ – Մանչեսթըր Սիթի
ՓՍՎ Այնտհովըն – Աթլեթիքօ Մատրիտ


