Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Պիպլոսի Եւ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Փետրուար 22, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

basket_022116

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 20 փետրուարին, Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) Պիպլոս հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:

ՀՄԸՄ 103-97 արդիւնքով (24-23, 52-45, 80-71 եւ 97-103) կարեւոր եւ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով` ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 26 կէտ: Երկրորդ դիրքը գրաւող Ռիատի, որ նուազ մրցում կատարած է, ունի 22 կէտ:

Ինչպէս նկատելի էր, առաջին երեք քորթըրներուն Ժիպէյլեան խումբը ինք եղաւ ՀՄԸՄ-ը գերազանցողը` առիթով մըն ալ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնելով 10-ի:

Իր կարգին, ՀՄԸՄ եւս մրցումին ընթացքին յաջողեցաւ տասը կէտի առաւելութիւն մը ունենալ:

basket1_022116

Այս մրցումին զգալի էր, որ բաղդատմամբ նախորդ մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները բաւական բարելաւած էին իրենց խմբային խաղաոճը եւ ունեցած աւելի տպաւորիչ խաղարկութիւն:

Ինչ կը վերաբերի Պիպլոսի, անիկա եւս ունեցաւ լաւ խաղարկութիւն մը, սակայն անոր յառաջխաղացքը կասեցնողը եղաւ ՀՄԸՄ` նկատի ունենալով, որ վերջին չորս մրցումներուն անիկա պարտութիւն կրած չէր:

Այժմ Պիպլոս 20 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:

Պիպլոսի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումին ՀՄԸՄ-էն բացակայեցաւ Նատիմ Սուէյտ (վիրաւոր ըլլալուն պատճառով): Իր կարգին, Պիպլոս ունէր վիրաւոր մարզիկ մը, որ Շերվուտ Պրաունն էր:

basket2_022116Այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ` անոնց նշանակած կէտերը եւ դաշտ ներկայացած ժամանակը).

Նորվել Փել (37′ 18″, 24 կէտ, 17 ռիպաունտ), Ճասթին Թապզ (38′ 24″ 23 կէտ, 6 ռիպաունտ, 3 թրի փոյնթ), Ահմետ Իպրահիմ (36′ 36″, 13 կէտ, 2 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (27′ 25″, 10 կէտ, 6 ռիպաունտ, 4 էսիսթ, 2 թրի փոյնթ), Պիլալ Թապպարա (16′ 05″, 6 կէտ, 2 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Պատիհ Սուէյտ (6′ 00″) եւ Տուայն Ճեքսըն (38′ 06″, 27 կէտ, 9 ռիպաունտ, 3 թրի փոյնթ):

Պիպլոսէն Սթիւըն Պըրթ նշանակեց 40 կէտ, մինչ Ճէյ Եանկպլատ, որ վերջին քանի մը մրցումներէն բացակայած էր` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, նշանակեց 26 կէտ: Պըրթ նշանակեց 7 թրի փոյնթ, իսկ Եանկպլատ` 4 թրի փոյնթ:

Պիպլոս 41 փորձերէ ետք նշանակեց 16 թրի փոյնթ, մինչ ՀՄԸՄ 31 փորձերէ ետք` 13, Պիպլոսի թըրն-օվըրները եղան 9, իսկ ՀՄԸՄ-ինները` 10: Պիպլոս նշանակեց 31 ռիպաունտ, իսկ ՀՄԸՄ` 42:

Օրուան իրաւարարներն էին` Ատել Խուէյրի, Փոլ Սքայեմ եւ Ժորժ Սաատ:

Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունենալիք Թատամոն – Սաժես մրցումը յետաձգուեցաւ այսօրուան:

Անիկա տեղի պիտի ունենայ Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք), երեկոյեան ժամը 20:30-ին:

 

 

Նախորդը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Խումբին

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շեպիպեթ Մազրաա – ՀՄԸՄ` 3-1

RelatedPosts

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Ֆրանսա Չկրցաւ Յաղթել Իսլանտային
Մարզական

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Ֆրանսա Չկրցաւ Յաղթել Իսլանտային

Հոկտեմբեր 15, 2025
Վեթերաններու Ըմբշամարտ.  Վահրամ Խաչատրեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտի «Պունտըսլիկա». Հայաստանի Ըմբիշները Կը Փայլին

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?