Փարիզ Սեն Ժերմենի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ իր պայմանագրութիւնը պիտի չերկարաձգէ իր ակումբին հետ, յայտնեց «Թելեֆութ»:
Անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանի աւարտը:
Ըստ ֆրանսական մամուլին, ան իր ելոյթները պիտի շարունակէ կա՛մ «Փրեմիեր լիկ»-ի, կա՛մ ալ «Մէյճըր լիկ»-ի ախոյեանութեան մէջ:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք ան իր կազմին հետ նշանակած է 23 կոլ: