8-16 ապրիլին Նորվեկիոյ Ֆորտ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 2016-ի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այս տարի Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով անոր պիտի մասնակցի ամբողջական կազմով:
Նորվեկիոյ մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Աննա Գովելեան (53 քկ), Իզապելա Եայլեան (58 քկ), Քրիստինէ Պետրոսեան (63 քկ), Նազիկ Աւդալեան (69 քկ), Սոնա Պօղոսեան (75 քկ) եւ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան (75 քկ եւ վեր):
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան անդրադառնալով այս ախոյեանութեան ըսաւ. «Հայաստանի ախոյեանութեան արդիւնքներէն գոհ եմ, հակառակ անոր որ մասնակցողներուն թիւը քիչ էր: Պէտք է մեծ ուշադրութիւն դարձնենք աղջկանց ծանրաբարձութեան զարգացման: Դժբախտաբար փոխարինող սերունդ չկայ այս մարզին մէջ, ինչ որ մեծ հարց մըն է: Թէեւ ներկայիս հաւաքականը կայուն է, սակայն պէտք է մտածել սերնդափոխութեան մասին ալ: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով ամբողջական կազմով կը մասնակցինք աշխարհի ախոյեանութեան: Մեծ յոյս ունինք, որ խմբային դասաւորման մէջ բարձր դիրքեր կը գրաւենք»: