Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 3-26 յունիսին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Հիւրընկալ երկիրը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, բացման մրցումին իր դէմ պիտի ունենայ Քոլոմպիան, Սանթա Քլարայի մէջ, Քալիֆորնիա:
Իսկ փակման մրցումը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Ճըրզիի մէջ:
Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Միացեալ Նահանգներ, Քոլոմպիա, Քոսթա Ռիքա եւ Փարակուէյ:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Պրազիլ, Էքուատոր, Հայիթի եւ Փերու:
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Մեքսիքա, Ուրուկուէյ, Ժամայքա եւ Վենեզուելլա:
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Արժանթին, Չիլի, Փանամա եւ Պոլիվիա: