
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Աթլեթիքօ Մատրիտի դաշտը նկատուող «Վիչենթէ Քալտերոն»-ի մէջ, որ կրնայ հիւրընկալել շուրջ 55 հազար հանդիսատես:
Աւարտական այս մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 22 մայիսին, իրարու դէմ պիտի մրցին Սեւիլլա եւ Պարսելոնա:


