Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Շանվիլ-Մութթահետ ճակատումը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շանվիլի դաշտին` Տիք Մըհտիի մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Կարգ մը խումբերու նման, Շանվիլ եւս իր օտարականները փոփոխութեան ենթարկեց եւ այժմ, բաղդատմամբ երթին իր ունեցած կազմին, կրցած է բաւական լաւ խումբ մը ունենալ:
Նշենք, որ այս հանգրուանին ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Թատամոն իր դաշտին` «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ 95-85 արդիւնքով յաղթեց Սաժեսի:
Սաժեսի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Թերել Սթոկլին, մինչ Թատամոնէն Պրանքօ Սվեթքովիչ նշանակեց 35 կէտ:
Նշենք, որ այս հանգրուանը կ՛աւարտի հինգշաբթի, 25 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, երբ Սանթրալի իր դաշտին վրայ Լուէյզի կը հիւրընկալէ Ռիատին: