Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի 18 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 29 խումբեր, բաժնուած` 8 խմբակի: Մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքերը գրաւողները կ՛անցնին Բ. հանգրուան:
Տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, չորս խումբեր` Պարաղեմ Նապաթիէ (Ա. խմբակ), ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Բ. խմբակ), Ահլի Սայտա (Գ. խմբակ) եւ Ղատիր Ժըպշիթ (Դ. խմբակ), ապահովեցին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով եւ յաջորդաբար յաղթելով Սքոատրայի, Լիուա Սայտայի եւ Հուփսի, մեծ քայլերով ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` բնականաբար գրաւելով խմբակին պարագլուխի դիրքը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մաս կը կազմեն Պերճ Կէօքէօզեան, Սերժ Սեֆիլեան, Գէորգ Գճիլեան եւ Անթոնի Աբրահամեան: Իսկ խումբին մարզիչն է Նոել Քէշիշեան:
Նշենք, որ Բ. հանգրուանի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 8 խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի: