
Այսօր` ուրբաթ, 26 փետրուարին, Ցիւրիխի մէջ գտնուող ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի կ՛ունենան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
Այս քուէարկութեան պիտի մասնակցին 209 երկիրներու ներկայացուցիչները: Իւրաքանչիւր երկիր մէկ ձայնի իրաւունք ունի:
Քուէարկութեան առաջին հանգրուանը յաղթահարելու համար, թեկնածուն պէտք է ստանայ ձայներուն երկու-երրորդը: Երկրորդ եւ անոր յաջորդող հանգրուաններուն յաղթելու համար բաւական պիտի ըլլայ ստանալ ձայներուն 50 առ հարիւրէն աւելի:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տարեսկիզբին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այդ ընտրութիւններուն պիտի զօրակցի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ընդհանուր քարտուղար Ճիաննի Ինֆանթինոյին:
Ըստ գրաւի գրասենեակներուն, ՖԻՖԱ-ի նոր նախագահը դառնալու կարեւորագոյն եւ թիւ 1 թեկնածուն կը նկատուի Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ շէյխ Սալման Պըն Իպրահիմ Խալիֆա:
Կը կարծուի, որ Ասիա (46 երկիր) եւ Ափրիկէ (54 երկիր) պիտի քուէարկեն ի նպաստ շէյխ Սալմանի, մինչ Ճիաննիի ի նպաստ կրնան քուէարկել Եւրոպայի (53 երկիր) եւ Հարաւային Ամերիկայի (10 երկիր) ներկայացուցիչները:
Ցարդ անորոշ է, որ «ՔՈՆՔԱՔԱՖ»-ի (34 երկիր) եւ Ովկիանիոյ (14 անդամ) ներկայացուցիչները ի նպաստ որո՛ւն պիտի քուէարկեն:


