
Ֆութպոլի գործակալ Վալերի Յովհաննիսեան, իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեանի` Փիւնիկէն Ուրալ Եքաթերինպուրկ փոխանցման:
«Մանուչարեանի փոխանցման համար Փիւնիկի վճարեցի 300 հազար եւրօ: Կը կարծէի եւ կը շարունակեմ կարծել, որ ան ամէնէն տաղանդաւոր հայ ֆութպոլիստն է: Թէեւ Հենրիխ Մխիթարեան եւս սքանչելի ֆութպոլիստ մըն է, սակայն Մանուչարեանի ունեցած թեքնիքը, ֆութպոլին նկատմամբ նրբութիւնը, մարտավարութիւնը, բարձր մակարդակի են: Եթէ Մանուչարեան յաջողէր նոյնքան ֆիզիքական աշխատանք տանիլ, որքան Հենրիխը, այն ժամանակ կը վերածուէր մեծ աստղի:
«Չեմ ըսեր, որ Մանուչարեան ամէնէն զօրաւոր հայ ֆութպոլիստն է, բայց ան ամէնէն տաղանդաւորն է», անոր խօսքերը կը մէջբերէ ArmSport.am: