Բանանցի սպանացի մարզիչ-վերլուծաբան Խոսէ Միկել Մարքոս (35 տարեկան) պիտի աշխատի նաեւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականին հետ` իբրեւ վերլուծաբան, այս մասին կը տեղեկացնէ ArmSport.am:
Նշենք, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը կը գլխաւորէ Արամ Ոսկանեան, որ նաեւ կ՛աշխատի Բանանցի հետ: