
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Շանվիլ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մութթահետը 93-88 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ (20-21, 36-46, 65-70 եւ 88-93):
Շանվիլէն Արթիւր Պենքս նշանակեց 26 կէտ, մինչ անոր խմբակիցներ Նիքոլոզ Ցիթիշվիլի եւ Սանի Սաքաքինի` 22-ական կէտ:
Մութթահետէն 25-ական կէտ նշանակեցին Ռամել Քերի եւ Մայք Թէյլըր, մին Ռէյշաուն Թերի` 23 կէտ:
Դարձի 2-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, երբ Լուէյզի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ռիատին: