
Յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբը «ՊանքՄետ»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քլեմանսօ) պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 10 ապրիլ 2016-ին Տըպպայէի շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «ՊանքՄետ»-ի փոքրերու եւ երիտասարդներու 2-րդ մարաթոնը:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին մեծ թիւով հրաւիրեալներ:

Այս մարաթոնը տեղի պիտի ունենայ 4 տարբեր դասակարգերու մէջ` 7-17 տարեկան, հետեւեալ ձեւով.
2000 մեթր` 7-13 տարեկաններու համար
2000 մեթր` անդամալոյծներու եւ անկարգելաւորներու համար
5000 մեթր` 14-17 տարեկաններու համար
5 քմ վազք, հաճոյքի համար` 17 տարեկանէն վար:
Իր խօսքին մէջ, Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ ըսաւ, որ այս տարի կը յուսայ, որ այս մարաթոնին մասնակցողներուն թիւը հասնի 10 հազարի:


