ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աթլեթիզմի ներկայացուցչական խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպած քրոս քաունթրիի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 21 փետրուար 2016-ին, Ժամհուրի դպրոցին մէջ:
Մրցումին մասնակցեցան Սարգիս Աբգար, Ալեքս Կետիկեան, Անդրանիկ Յորդանեան, Քեւըն Հալէպեան, Գրիգոր Խաչատուրեան, Մհեր Ճենանեան, Սէրուժ Նորամանեան, Մայք Սանօ, Անդրանիկ Ղազարեան եւ Կատֆրի Սէօքիւնեան: