
Երէկ կէսօրին Լիբանանի փինկ փոնկի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մալեզիոյ մայրաքաղաք` Քուալա Լամփուր, իր մասնակցութիւնը բերելու 28 փետրուարէն 7 մարտին տեղի ունենալիք ազգային խումբերու աշխարհի ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախագահ Սելիմ Հաժ Նքուալա: Իսկ մարզիկներն են Ռաշիտ Պըպպօ (Լիբանանի ախոյեան), Աւօ Մումջողլեան, Մոհամետ Համիէ, Մարիանա Սահակեան (Լիբանանի ախոյեան), Նոէլ Քէշիշեան եւ Լեթիսիա Ազար:


