«Ֆութպոլ Էտտիքթց» կազմակերպութիւնը ամբողջ աշխարհի ֆութպոլասէրներուն միջեւ կազմակերպած է հարցախոյզ մը, որ ցոյց տուած է, թէ մեծամասնութիւնը չի վստահիր ՖԻՖԱ-ին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Տը Կարտիըն»-ը, հարցախոյզին մասնակցողներուն 70 առ հարիւրը յայտարարած է, որ չի վստահիր ՖԻՖԱ-ին, որուն նոր նախագահը պիտի ընտրուի ուրբաթ, 26 փետրուարին:
ՖԻՖԱ-ին նկատմամբ ամէնէն մեծ անվստահութիւնը յայտնած են Չիլիի, Արժանթինի, Իրլանտայի, Հարաւային Քորէայի եւ Սպանիոյ մէջ բնակող ֆութպոլասէրները:
Սակայն միեւնոյն ժամանակ Ռուսիոյ, Ճափոնի, Քաթարի, Հարաւային Ափրիկէի եւ Թայլանտի ֆութպոլասէրները նախկինին նման կը վստահին ՖԻՖԱ-ին: