Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. «Օլ Սթար Կէյմ»-ը Տեղի Ունեցաւ Մեծ Հետաքրքրութեամբ

Ապրիլ 8, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը, 2015–2016 տարեշրջանին, յիսնամեակին առիթով իր նորութիւններու շարքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեց պասքեթպոլի «Օլ Սթար Կէյմ»-ը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 3 ապրիլ 2016-ին,  «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի, «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Աննախընթաց այս խաղին մասնակցեցան ԼԵՎԱՄ-ի պասքեթպոլի խաղերուն մասնակցող վարժարաններու լաւագոյն արդիւնք արձանագրող աշակերտները, որոնք ընտրուած էին  տարեշրջանի մրցումներու ընթացքին:

Մրցումին նախօրեակին տեղի ունեցան 3 կէտի ու տանքի մրցումներ:

Մասնակից աշակերտները, իրենց հիմնական դիրքը ապահովելու համար, ամբողջ Մարտ ամսուան ընթացքին քուէարկեցին ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի դիմատետրի էջին վրայ, որմէ ետք յստակացան արդիւնքները: Բաւական խանդավառութիւն ստեղծուած էր արդէն մեծ թիւով աշակերտներու կողմէ, փաստօրէն քուէարկութեան թիւը բաւական բարձր էր:

Մարզական հանդիսութեան օրը սկսած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն: Լաւագոյն «մարզիկ-աշակերտ»-ներու հրճուանքը նկատելի էր: Տօնակատարութիւն մը, որ կ՛իրականացնէր անոնց ապագայի երազը:

Ստորեւ` «Օլ Սթար Կէյմ»-ի 3 կէտի մրցումներուն արդիւնքները.

1- Սէրուժ Նորամանեան 86 կէտ
2- Հրակ Պալապանեան 81 կէտ
3- Վարագ Քէօշէեան 80 կէտ
4- Ալեքս Կէտիկեան եւ Մայք Միքայէլեան 69 կէտ

«Օլ Սթար Կէյմ»-ի առաջին մրցումը 2002-2003-ի ծնունդ տղոցն էր:
Մրցումին արդիւնքն էր` 60-31, ի նպաստ կապոյտ խումբին, որ յաղթեց նարնջագոյն խումբին:
Մրցումի լաւագոյն մարզիկ հանդիսացաւ Ժաքոպ Աճէմեան:

1998/1999/2000 – 2001/2002/2003 ծնունդի աղջիկները մրցեցան երկրորդ մրցումին. խումբերուն հետ իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի աղջկանց ներկայացուցչական խումբի մարզիկուհիները, որոնք յաւելեալ կորով եւ աշխուժութիւն ներշնչեցին մասնակից աշակերտներուն:
Մրցումին արդիւնքն էր` 47-37, ի նպաստ նարնջագոյն խումբին, որ յաղթեց կապոյտ խումբին:
Մրցումի լաւագոյն մարզիկ հանդիսացաւ Սերենա Հայէք:

«Օլ Սթար Կէյմ»-ի երրորդ մրցումը 2000/2001-ի ծնունդի խաղն էր:
Մրցումին արդիւնքն էր` 44-39, ի նպաստ կապոյտ խումբին, որ յաղթեց նարնջագոյն խումբին:
Մրցումի լաւագոյն մարզիկ հանդիսացաւ Քրիստ Բրուտեան:

«Օլ Սթար Կէյմ»-ի չորրորդ ու վերջին մրցումը օրուան երէց աշակերտներու խմբակն էր` 1998/1999-ի ծնունդ:
Մրցումին արդիւնքն էր` 68-42, ի նպաստ նարնջագոյն խումբին, որ յաղթեց կապոյտ խումբին:
Մրցումի լաւագոյն մարզիկ հանդիսացաւ Էթիեն Գազճեան:

«Օլ Սթար Կէյմ»-ի ձեռնարկին յաջողութիւնը պիտի չիրականանար` առանց հովանաւորներու օժանդակութիւններուն: Տեղին է յիշել եւ պատուել ԼԵՎԱՄ-ի մնայուն հովանաւոր Հայկազեան համալսարանը եւ Ալպեր Պալապանեանը, իսկ ձեռնարկի հովանաւորներ Րաֆֆի Մունջողլեանը, «Վանայ Ձայն»-ը, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը եւ «Սոտեթել», «Լէյլա Քաֆէ», «Մայք Սփոր» եւ «Զաաթար ու Զէյթ» հաստատութիւնները:

«Օլ Սթար Կէյմ»-ը հասաւ իր նպատակին` հայ աշակերտին առիթ տալով իր ապագայի տեսլականին ձգտելու: Բաւական էր ստեղծել բեմ մը, ուր հայ աշակերտը ապրի վայելքը «աստղ» մը դառնալու եւ ճիգ թափելու այդ ապրումն ու երազը իրականացնելու: Առողջ մթնոլորտի մէջ, առողջ մրցակցութեամբ, առողջ ապագայ կերտելու թափով մեկնի՛ր հայ աշակերտ:

Ի վերջոյ մեր պարտաւորութիւնն է մեր ապագայ սերունդին ձեռք երկարել եւ օգնել զայն առողջ բանականութեամբ բարձրացնելու:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք ձեռք կ՛երկարեն եւ միասնական ուժով կ՛ապահովեն նման ձեռնարկներու յաջողութիւնը:

Բոլորին վարձքը կատար:

Յաջողութեան մաղթանքներով`
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

 

Նախորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Լուէյզիի (66-65) Եւ Վերագրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Անթունիէ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Անթունիէ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ճատրակ.  Ալեքսանտրով Շահեցաւ Պէյրութի Միջազգային Մրցաշարքը
Մարզական

Ճատրակ. Ալեքսանտրով Շահեցաւ Պէյրութի Միջազգային Մրցաշարքը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Միքս Ֆայթ 58.  Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խառն Մենամարտի Երեկոյ
Մարզական

Միքս Ֆայթ 58. Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խառն Մենամարտի Երեկոյ

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?