Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեան պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ հայրենի կռփամարտիկները պիտի չմասնակցին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական վարկանշային մրցաշարքերուն:
«Հաշուի առնելով ներկայ պատերազմական վիճակը, ակնյայտ կը դառնայ այն, որ ես` իբրեւ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ, թոյլ չեմ տար, որ մեր մարզիկները մասնակցին յառաջիկային տեղի ունենալիք ողիմպիական վարկանշային մրցաշարքերուն, որովհետեւ անոնք տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ: Ամէնէն կարեւորը հայ քաղաքացիին կեանքի անվտանգութիւնն է: Համոզուած եմ, որ հայ մարզասէրները մեզի պիտի հասկնան:
«Բոլոր այն մարզիկները, որոնք Հայաստանի հաւաքականի անդամ են եւ զինուորական ծառայութեան մէջ, պիտի վերադառնան իրենց զօրամասերը, որպէսզի կատարեն իրենց զինուորական ծառայութիւնը, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային պաշտպանեն մեր հայրենիքը», ըսաւ Գէորգեան: