
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 3 ապրիլին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել, իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն` ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի հնգեակը:


