Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 3 ապրիլի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը կատարեց Պհամտունի դաշտին վրայ, ուր հիւրը եղաւ Ախա Ահլի Ալէյի:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները վճռական եւ լաւ խաղարկութեամբ, առաջին կիսախաղին իսկ մրցումին ճակատագիրը ճշդեցին երեք անպատասխան կոլեր նշանակելով, շնորհիւ խմբային լաւ խաղարկութեան եւ Ճոնի Գոնճեանի եւ Քրիստիան Թիմոնեանի (2, մէկը` փենալթիով) նշանակած կոլերուն: Պհամտունի դաշտէն վերադառնալու ճամբան շատ հաճելի դարձաւ:
Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեանութեան (1999-2000-ի ծնունդ) Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Աթլեթիքոյի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ – ՀՄՄ մրցումը, որ վերջ գտաւ վերջինիս 4-2 յաղթանակով:
Այս ախոյեանութեան մասնակցող 17 խումբերը բաժնուած են երկու խմբակի: ՀՄԸՄ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից ունի նաեւ Շեպիպեթ Մազրաան, Ահլի Սայտան, Պարժալունան, Նըժմէն, Զամալեք Պէյրութը եւ Անսարը: ՀՄԸՄ-ի կրտսերները, որոնք իրենց առաջին պաշտօնական մրցումը կը կատարէին, մրցումին սկիզբի 10 վայրկեաններուն ստացան 4 կոլեր: Ապա վերագտնելով իրենց խաղարկութիւնը տիրապետեցին մրցումին, սակայն միայն երկու կոլ նշանակելով, ստոյգ քանի մը առիթներ եւ փենալթի մը կոլի չվերածելով պարտուեցան:
Անշուշտ կը սպասուի, որ ՀՄԸՄ-ի կրտսերները յաջորդ մրցումներուն յաջող արդիւնքներ նուաճեն: