Սլովաքիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Արեւմտեան շրջանի 21-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Թոփվար Թոփլչանի 4-1 արդիւնքով յաղթեց Փալարիքովոյին:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Դաւիթ Յովսէփեան տուպլէ մը իրագործեց:
Անոր խմբակից Վահագն Միլիտոսեան (22 տարեկան) իր կարգին կոլ մը նշանակեց:
Նշենք, որ Միլիտոսեան կատարեց կոլի այն փոխանցումը, որով տուպլէ մը իրագործեց Յովսէփեան:
21-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, հայ ֆութպոլիստներուն խումբը կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը (18 խումբերուն մէջ):


