Այսօր` ուրբաթ, 8 ապրիլին տեղի կ՛ունենան երեք մրցումներ, իւրաքանչիւրը` տարբեր երկրի մը մէջ, եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 32-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր ժամը 21:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Կրանատա կը հիւրընկալէ Մալական:
Նոյն ժամուն, սակայն Գերմանիոյ մէջ, 29-րդ հանգրուանի բացման մրցումին Հերթա Պերլին կը հիւրընկալէ Հանովըր-96-ը:
Վերջապէս, Ֆրանսայի ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, դարձեալ միեւնոյն ժամուն, Լիոն հիւրը կ՛ըլլայ Մոնփելիէի:


