Այն պահուն երբ ազրպէյճանական ուժերը Արցախի սահմանին ուղղութեամբ զինուորական ձախող գործողութիւններ կը շղթայազերծէին, Աթէնքի մէջ սկսաւ ճիւտոյի Եւրոպայի երիտասարդական բաժակի մրցաշարքը: Շահէն Աբաղեան (55 քկ) յաջորդաբար յաղթելէ ետք թուրք Չելիք Էմրէի, վրացիներ` Կիորկի Նիազաշվիլիի եւ Զուրապ Կախնիաշվիլիի, աւարտականին տապալեց ազրպէյճանցի Նաթիկ Կուրպանլին եւ նուաճեց Եւրոպայի բաժակը:
Տեղեկացնենք, որ Շահէն Աբաղեան կը ծառայէ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի կեդրոնական մարզական ակումբին մէջ: 2015 թուականի լաւագոյն զինուոր-մարզիկներու տասնեակին մաս կազմած է: