Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ մրցումը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները շատ լաւ Խաղարկութեամբ եւ 76- 52 արդիւնքով յաղթելով ուրախացուցին զիրենք քաջալերող համակիրները: