Ա. Էս. Միլանի կազմին մէջ Չեզարէ Մալտինի 1954-1966 չորս անգամ դարձած է Իտալիոյ ախոյեան եւ նուաճած Եւրոպայի ախոյեաններու բաժակը: Յետսապահը իտալական ակումբին տարազով 412 մրցումի մասնակցած է: Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կազմին ան մաս կազմած է 14 անգամ:
Ֆութպոլային ասպարէզը աւարտելէ ետք, Մալտինի գլխաւորած է Ա .Էս. Միլանը, Փարման, Ֆոճան, Թերնան, Իտալիոյ եւ Փարակուէյի ազգային հաւաքականները: Ան նաեւ աշխատած է Իտալիոյ երիտասարդական հաւաքականին մէջ, որուն հետ 3 անգամ դարձած է Եւրոպայի ախոյեան (1992, 1994, 1996):
Չեզարէ Մալտինի վերջին տարիներուն ֆութպոլի պատկերասփիւռային մեկնաբան էր: Ան Միլանի եւ Իտալիոյ ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ Փաօլօ Մալտինիի հայրն է: