Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեանութեան (1999-2000-ի ծնունդ) Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 3 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Աթլեթիքոյի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ – ՀՄՄ մրցումը:
Այս ախոյեանութեան մասնակցող 17 խումբերը բաժնուած են երկու խմբակի:
ՀՄԸՄ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից ունի նաեւ Շեպիպեթ Մազրաան, Ահլի Սայտան, Պարժալունան, Նըժմէն, Զամալեք Պէյրութը եւ Անսարը: