Երեքշաբթի, 5 ապրիլին, Հայկազեան համալսարանի մարզական պատուիրակութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Յունաստան` հոն իր մասնակցութիւնը բերելու համար միջհամալսարանական միջազգային մրցաշարքի մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ այս շաբաթավերջ:
Պատուիրակութիւնը Լիբանան պիտի վերադառնայ կիրակի, 10 ապրիլին:
Յունաստանի մէջ Հայկազեան պիտի մասնակցի տղոց ֆութպոլի, աղջկանց պասքեթպոլի եւ փինկ փոնկի մրցումներուն:
Պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 26 ուսանողներէ, 4 մարզիչներէ եւ 2 պատասխանատուներէ:
Ֆութպոլի խումբին խմբապետն է Ճոնի Քոնճեան, աղջկանց պասքեթպոլի խումբին խմբապետը` Ալին Թանկուքեան, փինկ փոնկի խմբապետը` Աննա Մարգարեան իսկ պատուիրակութեան նախագահն է Սեւակ Տեմիրճեան:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Հայկազեան համալսարանին: