
Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, աղջկանց 53 քկ դասակարգի մրցումները աւարտեցան:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Աննա Գովելեան, որ յաղթած էր Բ. խմբակին մէջ, Ա. խմբակին մէջ հանդէս եկող 10 զօրաւորագոյն մարզիկներու ելոյթներէն ետք վերջնական դասաւորման մէջ գրաւեց 9-րդ դիրքը, կը յայտնէ ArmSport.am:
26 տարեկան հայ մարզիկուհին ընդամէնը բարձրացուց 174 քկ:
Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ ռումանացի Քրիսթինա Իովու (210 քկ):
Յիշատակելի եղաւ այս դասակարգին մէջ 15 տարեկան լաթվիացի Ռեպեքա Քոհանի ձեռք ձգած յաջողութիւնը: Ան բարձրացնելով 198 քկ, տիրացաւ պրոնզէ մետալին:


