«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական ճակատումներ:
Ռէալ Մատրիտ, որ երթին Գերմանիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Վոլֆսպուրկէն, յաջորդ հանգրուան հասնելու համար նուազագոյնը պէտք է յաղթէ 3-0 արդիւնքով:
Եթէ գերմանական խումբը կոլ մը նշանակէ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ, պիտի խանգարէ արքայական ակումբին հաշիւները:
Քիչ մը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ երթին իր դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մանչեսթըր Սիթիի հետ:
Եթէ Սիթի նոյնիսկ մէկ կոլ չնշանակէ, պիտի անցնի յաջորդ հանգրուան:
Ստորեւ` քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են երթի մրցումներուն արդիւնքները).
ԱՅՍՕՐ | ԺԱՄ |
Մանչեսթըր Սիթի – Փարիզ Սեն Ժերմեն (2-2) | 21:45 |
Ռէալ Մատրիտ – Վոլֆսպուրկ (0-2) | 21:45 |
ՎԱՂԸ | |
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Պարսելոնա (1-2) | 21:45 |
Պենֆիքա – Պայէրն Միւնիխ (0-1) | 21:45 |