
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի («ֆայնըլ-էյթ») մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Ռիատի, որ Մանարայի մէջ հիւրընկալեց Մութթահետը, 79-73 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (14-20, 39-38, 57-54 եւ 79-73):
Ռիատիէն Քրիս Տանիելզ նշանակեց 27 կէտ, իսկ Մութթահետէն Ռամել Քարի` 23 կէտ:
Երկրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Հուփսը եւ Սաժեսը` Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, աւարտեցաւ Հուփսի յաղթանակով` 90-73 արդիւնքով (18-13, 36-38, 69-54 եւ 90-73):
Հուփսէն Թայրըն Նելսոն նշանակեց 32 կէտ, իսկ Սաժեսէն Թերել Սթոկլին` 25 կէտ (ներառեալ` 6 թրի փոյնթ):
Այսպիսով Սաժես Բ. հանգրուանը պիտի աւարտէ գրաւելով Ա. խմբակին վերջին դիրքը: