Կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի միութեան, կիրակի, 10 ապրիլին, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցաւ «Պանքմետ»-ի երիտասարդներու վազքի մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 8252 երկսեռ վազողներ:
Վազքի այս մրցումը, որ սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:30-ին, տեղի ունեցաւ հանգրուանային ձեւով, տարբեր դասակարգերու մէջ, եւ իւրաքանչիւր դասակարգի մէջ առաջին երեք դիրքերը գրաւողները ստացան մրցանակներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ձեռամբ` Պէյրութի մարաթոնի միութեան հիմնադիր նախագահ Մէյ Խալիլի եւ հոն ներկայ գտնուող հիւրերուն եւ այլ անձնաւորութիւններու, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր նախարարութիւններ եւ միութիւններ: