Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիան ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած մենամարտին միջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը զիջեցաւ մեքսիքացի Խիլպերթօ Ռամիրեզին:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Աբրահամ շնորհակալութիւն յայտնելով իր համակիրներուն, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Սիրելի՛ համակիրներ, շնորհակալութիւն ձեր աջակցութեան համար: Պիտի վերականգնիմ այդ ճակատումէն ետք եւ կը խոստանամ աւելի լաւ մարզուիլ` սրբագրելու համար սխալներս: Ոչ ոք կրնայ մեզ կեցնել»: