Իրանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թեհրանի Փարսեն խումբը իր դաշտէն դուրս 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մազանտարանի Նասաճիէն, կը յայտնէ ArmSport.am:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, մայրաքաղաքի կազմը, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 35 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 16-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Փարսենի գլխաւոր մարզիչն է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին միջնապահ Համլեթ Մխիթարեան, որ այսպիսով կրեց իր առաջին պարտութիւնը: