
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի («ֆայնըլ-էյթ») մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Նուհատ Նաուֆալ» համաիլրին մէջ (Զուք) Թատամոն հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:
Այս մրցումին յաղթականը պիտի գրաւէր Բ. խմբակին առաջին դիրքը եւ յաջորդ հանգրուանին իր դէմ պիտի ունենար Ա. խմբակին վերջին դիրքը գրաւողը, այս պարագային` Սաժեսը:
Թատամոն, ըլլալով երէկուան մրցումին յաղթականը, ինք եղաւ խմբակին առաջին դիրքը գրաւողը:
Մրցումը աւարտեցաւ Թատամոնի յաղթանակով` 106-72 արդիւնքով (24-20, 52-41, 74-60 եւ 106-72): Այսպիսով, անիկա մրցումը աւարտեց 34 կէտի տարբերութեամբ:
Այստեղ պէտք է յիշատակել այն կարեւոր կէտը, որ ՀՄԸՄ երէկուան իր այս մրցումը կատարեց 2 օտարականով միայն` նկատի ունենալով, որ Նորվել Փել վիրաւոր էր:
Մինչ յաջորդ հանգրուանին Թատամոնի մրցակիցը պիտի ըլլայ Սաժես, անդին ՀՄԸՄ, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Հուփսը:
Մնացեալ մրցումներուն, Ռիատի պիտի մրցի Լուէյզիի դէմ, մինչ Պիպլոս` Մութթահետի դէմ:
Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ «ֆայնըլ-ֆոր»-ի իր տոմսը:
Ինչ կը վերաբերի Թատամոն – ՀՄԸՄ մրցումին, հիւր կազմը ձեռք ձգեց 53 ռիպաունտ, մինչ ՀՄԸՄ` 27:
ՀՄԸՄ 38 թրի փոյնթերէն 12-ը հասցուց իրենց նպատակին (31,6 տոկոսը), մինչ Թատամոն` 20-էն 7-ն (35 տոկոսը):
Թատամոնէն Պրանքօ Սվեթքովիչ նշանակեց 28 կէտ, մինչ անոր խմբակից Ալի Ֆախրէտտին` 26: ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուայն Ճեքսըն (22), որուն ետին Պատիհ Սուէյտ եւ Ճասթին Թապզ` յաջորդաբար 13 եւ 12 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի երէկ նոյն ժամուն տեղի ունեցած Լուէյզի – Պիպլոս մրցումին, անիկա աւարտեցաւ Լուէյզիի յաղթանակով` 74-41 արդիւնքով:
Նշենք սակայն, որ Պիպլոս դաշտ ներկայացաւ առանց Սթիւըն Պըրթի, Ճէյ Եանկպլատի, Պասել Պաուժիի եւ Ուիլիամ Ֆարեսի:
Բ. հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, երբ Ա. խմբակին մէջ տեղի կ՛ունենան Հուփս – Ռիատի եւ Սաժես – Մութթահետ մրցումները:


