
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն, Հիուսթընի մէջ Ռոքեթց 130-110 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 40 կէտ, մինչ Լէյքըրզի մաս կազմող Քոպի Պրայընթ` 35 կէտ:
Ռոքեթց, որ ցարդ արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած 40 պարտութիւն, ցարդ կը պայքարի փլէյ-օֆի տոմս մը ապահովելու համար, մինչ Լէյքըրզ արդէն իսկ դուրս մնացած է անկէ:
Փլէյ-օֆէն այժմ դուրս մնացած են նաեւ Շիքակօ Պուլզ, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, Օրլանտօ Մեճիք, Միլուոքի Պաքս, Նիւ Եորք Նիքս, Պրուքլին Նեթց, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ (Արեւելեան շրջան), Տենվըր Նակեթց, Սաքրամենթօ Քինկզ, Նիւ Օրլինզ, Մինեսոթա Վուլվզ եւ Ֆէոնիքս Սանզ (Արեւմտեան շրջան):
Արեւմտեան շրջանէն վերջին երկու տոմսերուն համար կը պայքարին Տալաս Մավըրիքս, Եութա Ճեզ եւ Հիուսթըն Ռոքեթց:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Շարլոթ Հոռնեթց | 113-98 |
| Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 130-110 |
| Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տալաս Մավըրիքս | 98-91 |
| Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Միլուոքի Պաքս | 108-109 |
| Տենվըր Նակեթց – Եութա Ճեզ | 84-100 |
| Ինտիանա Փէյսըրզ – Պրուքլին Նեթց | 129-105 |
| Մայեմի Հիթ – Օրլանտօ Մեճիք | 118-96 |
| Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ | 86-92 |
| Նիւ Եորք Նիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ | 89-93 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Աթլանթա Հոքս
Օրլանտօ Մեճիք – Միլուոքի Պաքս
Պոսթըն Սելթիքս – Շարլոթ Հոռնեթց
Պրուքլին Նեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Մինեսոթա Վուլվզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Նիւ Օրլինզ – Շիքակօ Պուլզ
Օքլահոմա Սիթի – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Եութա Ճեզ – Տալաս Մավըրիքս
Ֆէոնիքս Սանզ – Սաքրամենթօ Քինկզ


